ՀԵՐԻՔ ԱԼ ՀԱՅԵՐ
ՀԵՐԻՔ ԱԼ ՀԱՅԵՐ
Հերիք ալ հայեր, այսչա’ լռութիւն.
Դատաւորներու մեր այս գերութիւն,
Մեզ ի՞նչ վայել է այսչա’ լռութիւն.
Ազգատեաց սրտեր, հերի՛ք, ալ հերիք։
Հայե՛ր, ի՞նչ խնդաք ‘րկեալ ազգի պէս,
Իշխան եւ ընչեղ՝ գիտուն մարդու պէս,
Մեզ ի՞նչ վայել է ապրիլ հայու պէս.
Դպրոց ատողներ, հերի՛ք, ալ հերի՛ք։
Հայե՛ր, խորհեցէք ի՞նչ վիճակ ունիք,
Կրօնք, ազգութիւն, հայու սիրտ չունիք,
Մեզ ի՞նչ վայել է ծախսել հայու պէս.
Եղբայր ատողներ, հերի՛ք, ալ հերի՛ք։
Հայե՛ր ի՞նչ կ՚ապրիք ազատ մարդու պէս,
Ու՞ր են թգան ու սուրն ամէն ազգի պէս,
Նայեցէ՛ք չորս դին, կա՞յ ազգ ձեզի պէս.
Ամէնուն գերի՜, հերի՛ք, ալ հերի՛ք։
Հայե՛ր, խորհեցէ՛ք, ի՞նչ վիճակ ունինք,
Ո՛չ կեանք, ո՛չ պատիւ, ո՛չ ա’ մ՚հող Ունինք,
Ամէնուն ձեռքը մենք ենք խաղալիք,
Չապրած ալ մեռնինք, հերի՛ք, ալ հերի՛ք։