ՄԱՅԻՍ 28
ՄԱՅԻՍ 28
Այսօր մեր տօնն է, Մայիս քսանութ,
Եկէ՛ք ողջունենք, մենք զայն գունդ առ գունդ,
Խմբուինք միատեղ, երգենք ու ցնծանք,
Կեցցէ՛ Հ.Յ.Դ. եւ ցեղն մեր Հայկայ։
Հ.Յ.Դ. անուն, պաշտելի յաւէտ,
Խորտակեց տաճիկն եւ զայն մղեց ետ՝
Սարդարապատէն, Բաշ Ապարանէն,
Կեցցէ՛ Հ.Յ.Դ. եւ ցեղն մեր Հայկայ։
Անմահ պիտ մնաք դուք՝ Սարդարապատ,
Ղարաքիլիսէ եւ Բաշ Ապարան,
Հայութեան սուիք Մայիս քսանութ,
Կեցցէ՛ Հ.Յ.Դ. եւ ցեղն մեր Հայկայ։
Մայիս քսանութ օր մեծ յաղթութեան,
Հայոց աշխարհի սուրբ Ազատութեան,
Մեր անկախութեան վէմն ու հիմնաքար,
Կեցցէ՛ Հ.Յ.Դ. եւ ցեղն մեր Հայկայ։
Եռագոյն դրօշ ծալքերով վէտ վէտ,
Բարձրէն միշտ բարձրէն ծածանի յաւէտ,
Դու խորհրդանիշ ազատ հայութեան,
Կեցցէ՛ Հ.Յ.Դ. եւ ցեղն մեր Հայկայ։
Ներսիկ Իսպիրյան – Մայիս 28