ՔԱՅԼԵՐԳ ՍԱՍՆՈ
ՔԱՅԼԵՐԳ ՍԱՍՆՈ
Սասուն ելաւ ապստամբեց,
Աշխարհի մէջ հանեց թունդ,
Ամերիկա, Եւրոպ ցնցեց,
Քաջաց բանակ գունդագունդ։
Հայոց սրտեր թրթռացին,
Հայու ձայնը որոտաց,
Կտրիճք յառաջ շուտ խաղացին,
Ազատութիւնը թնդաց։
Ա՜խ, Սասունցիք, քաջ Սասունցիք,
Ձեր արիւնին մենք ղուրպան,
Միութեան սուրբ սերմեր ծլին,
Ազատութեան մենք ղուրպան։
Թուրքը լսեց եւ կատաղեց,
Զօրքեր հանեց բիւրաւոր,
Յիսուն հազար քիւրդեր կանչեց,
Արիւնարբու զօրաւոր։
Եւ Սասունը պաշարեցին,
Այն վայրենի գնդերը,
Թնդանօթներ որոտացին,
Քարքանդ ըրին գիւղերը։