ՄՈՒՍԱԼԵՌԱՆ ԳՅՈՒՂԵՐԻՆ
ՄՈՒՍԱ ԼԵՌԱՆ ԳՅՈՒՂԵՐԻՆ
Մուսա Լերան գիւղերէն Այնճար եկած ենք,
Անտանելի նեղութիւններ կրած ենք,
Ազգին համար Թուրքերուն դէմ կռուած ենք,
Մեր Հայկական դրօշին նուիրուած ենք:
Մենք մեր դրօշակը միշտ բարձր պիտ պահենք,
Հայ ծնած ենք, ախպէր ջան, պէտք է հայ մեռնինք:
Անօթի-ծարաւ, մենք չենք մոռանար,
Չենք ուզեր Մայր Հայաստանէն հեռանալ,
Մեր ծրագիրը երբեք չընդունիր
Մեր պապենական անունը մոռանալ.
Պիտի գանք Հայաստան, վերաշինենք տուներ,
Հեռացէք մեր երկրէն, դուք թշնամիներ:
Մեզի պէտք է դպրոցի վարժապետներ,
Քրիստոնէութեան կրօնքի վարպետներ,
Մեր զաւակները մկրտող տէրտէրներ,
Սուրբ եկեղեցահայր, սուրբ վարդապետներ.
Օր մը պիտ միանան զաւակները Հայկին,
Կապիկի պէս պիտ դողաս, վախկոտ թշնամի:
Աշխարհիս չորս կողմերը ցիր ու ցան եղանք,
Ամէն ազգի համար, մենք միշտ կռուեցանք,
Ազատութեան համար մենք նուիրուեցանք.
Պատերազմի դաշտերը նահատակուեցանք.
Կը սիրենք միութիւն, ամէն ազգի տէրութիւն,
Պէտք է մենք ալ ունենանք մեր անկախութիւն:
Շահե Սեկայան — Մուսա լեռան գյուղերին